2017-05-16 10:20:00

Եւրոպական յանձնաժողովի բանբերը Թուրքիան կը յորդորէ` յարգել ժողովրդավարական չափանիշերը


Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Մայա Քոսիանչիչ արձագանգած է Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի կայքի գլխաւոր խմբագիր Օղուզ Կիւվենի ձերբակալութեան` կոչ ուղղելով` յարգելու ժողովրդավարական չափանիշերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճումհուրիյէթ»-ը:

Քոսիանչիչ յայտնած է, որ յանձնաժողովը մօտէն կը հետեւի Թուրքիոյ մէջ ընթացող զարգացումներուն, մասնաւորաբար Անգարայի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը կը հետեւի իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու կապուած դատական հոլովոյթներուն: «Մնայուն կերպով պէտք է յարգանք ցուցաբերուի անմեղութեան կանխավարկածին, արդար դատավարութեան ու ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին նկատմամբ», ըսած է ան:

Եւրոպական յանձնաժողովի բանբերը յիշեցուցած է, որ Թուրքիան Եւրոպական յանձնաժողովի անդամ է եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիր: «Ինչպէս բազմիցս նախազգուշացուցած է Եւրոպական Միութիւնը` Թուրքիան` իբրեւ թեկնածու եւ Եւրոպական յանձնաժողովի անդամ երկիր, պէտք է յարգանք ցուցաբերէ բարձրագոյն ժողովրդավարական չափանիշերուն նկատմամբ»:

Յիշեցնենք, որ «Ճումհուրիյէթ»-ի կայքի գլխաւոր խմբագիր Օղուզ Կիւվեն ձերբակալուած էր 12 մայիսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.